2014-06-14 09:31:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ''Ողորմութեան'' կամաւորներու ազգային դաշնակցութեան անդամներուն հետ հանդիպում։


''Ողորմութեան կամաւորները յանձնառու են հիւանդներուն, տարեցներուն, անկարներուն, գաղթականներուն եւ աղքատներուն վկայելու Սիրոյ Աւետարանը''։

Շաբաթ, 14 Յունիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլեն։ Ան ապա ժամը 12-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալացի ''Ողորմութեան'' կամաւորներու ազգային դաշնակցութեան քսան հազար անդամներուն։
Իտալիոյ ''ողորմութեան'' համադաշնակցութեան կամաւորները, որ գործունեայ շարժում մըն է հիւանդներու սպասարկութեան ի խնդիր, համախմբուեցան Սուրբ Պետրոսի մէջ, վերակոչելու իրենց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումի 28-րդ յոբելեանը` 14 յունիս 1986-ին։Այդ առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոնց ուղղած ճառին մէջ անոնց բացայատած էր սիրոյ ու նուիրումի առաքելութիւնը` ''եղէք սիրոյ քաղաքակրթութեան համակիրները, եղէք սիրոյ մշակոյթի անխոնջ վկաներ'' ըսած էր անոնց Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետը։
Յայտնենք թէ վերոյիշեալ հաւաքին կը մասնակցին նաեւ արիւն շնորհող իտալական ընկերակցութեան անդամները։
Ողորմութեան համադաշնակցութիւնը կը ներփակէ աւելի քան 700 եղբայրութիւններ, որոնց կը յառին աւելի քան 670 հազար անդամներ։ Ողորմութեան իտալական համադաշնակցութիւնը հիմնուած է 1899-ին, եւ կը ներկայացնէ ամենահին կամաւորական շարժումը աշխարհին մէջ։ Անիկա սկիզբ առաւ Տոմենիքեան սուրբ Պետրոս Վերոնացիի նախաձեռնութեամբ, որ ֆիրենցէ քաղաքին մէջ 1244-ին համախմբեց ամէն տարիքի պատկան քաղաքացիներ որոնք պատրաստակամ էին Աստուած փառաբանել անշուքօրէն ու ձրիաբար բարեսիրական գործեր կատարելով ։

''Ողորմութեան կամաւորները'' յանձնառու են հիւանդներուն, տարեցներուն, անկարներուն, գաղթականներուն եւ աղքատներուն վկայելու Սիրոյ Աւետարանը։ Ձեր բոլոր ծառայութեան իմաստն ու ձեւը կը գտնուին այս բարին մէջ ''ողորմութիւն - misericordia'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած, ողորմութեան համադաշնակցութեան կամաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ։Ան ապա մատնանշեց թէ ''Այս մէկը ըրաւ նաեւ Յիսուս, Իր Սիրտը բանալով մարդուն խեղճութեան առջեւ''։ Աւետարանը լի է այն պատուածքներով որ կ՛արտայայտեն Յիսուսի աղքատներուն ու տառապողներուն հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը անոնց շնորհելով մխիթարութիւն ու վէրքերու եւ հիւանդութիւններու բուժում։ ''Անոր նմանութեամբ մենք ալ կանչուած ենք մօտիկ ըլլալու եւ կիսելու մեր մերձաւորին իրավիճակը։ ու Պէտք է որ մեր գործերն ու մեր խօսքերը արտայայտեն մեր զօրակցութիւնը'' ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ''նմանիլ Յիսուսին'' ու մատնանշելով ողորմութեան եօթը յատկութիւններուն` անօթիները կերակրել, ծարաւիները յագեցնել, մերկերը զգեստնել, օտարականները հիւրընկալել, հիւանդներն ու բանտարկեալները այցելել, եւ մեռելները թաղել։
''Ձեզ կը քաջալերեմ` ուրախութեամբ յառաջ տանելու ձեր առաքելութիւնը, Քրիստոսի ճանապարհով, թոյլ տալով որ տառապողները ձեր վրայ վստահին անհրաժեշտ պահերուն'' ըսաւ Քահանայապետը խօսքի աւարտին ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ''նուիրեալ գործունէութեան'' համար եւ փզրափակեց` ''Թող Տէրը օրհնէ ձեզ ու Տիրամայրը ըլլայ ձեզի ապաւէն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.